Շահան ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր
Պէյրութ
Միջինարեւելեան կամ յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ կատարուող իշխանափոխութիւնները հայկական հայեցակէտներէն դիտուած կրնան տեղի տալ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու: Մէկ կողմէն, եթէ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու գոյութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը կ’ըլլան հայկական հայեցակէտի դիտարկումներու առանցքային մտահոգութիւնները, միւս կողմէն ասոնք անպայման պետական դիրքերէ մշակուած տեսադաշտի սահմաններն են: Արաբական երկիրներու պարագային հայկական գործօնը այս բոլորին մէջ առաջին գիծի վրայ է:
Խնդիրը այս պարագային տարբեր բովանդակութիւն կրնայ ունենալ, եթէ փորձենք մեր երկիրին երկու դրացիներուն նկատմամբ այս բոլոր գործընթացներուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններու տարողութեան մասին խորհրդածութեան փորձ կատարել: Միջին Արեւելքի նոր սահմանագծումի հրամայականը հետզհետէ աւելի շօշափելի պատկերացումներ սկսած է ուրուագծել դիպաշարին հետեւողներուն համար: Իշխանափոխութիւններ, քաղաքացիական ընդհարումներ, իրողական բաժանումներ, նոր ուժերու կայացումներ կու գան հիմնաւորելու շարժումներու տարերայնութեան ետին կանգնող ծրագիրներու առկայութիւնը:
Արագակշռոյթ այս վերիվայրումներուն նկատմամբ անհանգիստ կացութեան մէջ է Թուրքիան, որուն ներքին եւ արտաքին խնդիրները, թէեւ յայտարարողական մակարդակի վրայ անմիջական վտանգ ստեղծած ըլլալու տպաւորութիւն չեն ձգեր, այսուհանդերձ, թէժ օրակարգի վերածուած ըլլալու հանգամանքը ստացած են: Անմիջական դրացիներ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ ստեղծուած քաղաքական տագնապները, յայտարարողական մակարդակէն անդին անցնող նոյնիսկ զինուորական միջամտութիւնը Իրաքի պարագային, կամ` դէպի Սուրիա թրքական ուժերու ներխուժումի մասին անվերջ կրկնուող սպառնալիքները ցուցանիշ են, որ Թուրքիան խորապէս անհանգիստ վիճակի մէջ է քրտական գործօնի յանկարծակի եւ համընդհանուր աշխուժացումի վտանգին ի տես: Շատ են ցուցանիշները այս ուղղութեամբ մտածողութիւն զարգացնելու: Աննկատ պէտք չէ մնայ այս բոլորին մէջ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան աշխատանքներու առկախման անորոշ լրատուութիւնը, որուն առաջին տարբերակը որեւէ պատճառ չէր նշեր, մինչ երկրորդ որոշումը յստակօրէն կ?առնչուէր Սուրիոյ հարցերուն:
Ներթրքական հարթութիւնը անկանխատեսելի հակազդեցութիւն կրնայ ունենալ, եթէ յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուածութիւնը զինուորական դրսեւորումներ ունենայ եւ շրջանային մակարդակի վրայ ցնցումներ յառաջացնելու կացութեան մէջ գտնուի: Գերարժեւորումի մօտեցումով չէ, որ պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ անդամահատման կարելիութիւններուն մասին` նկատի ունենալով մանաւանդ քրտական շարժումներուն նկատմամբ որոշ ժամանակներէ ի վեր ցոյց տրուող կարեւոր կեդրոններու օժանդակութիւնները: Նոր սահմանագծումներու ծրագիրներէն դուրս կրնայ չմնալ Թուրքիան: Յիշենք ու անցնինք պարզապէս, որ մինչ օրս չէ հերքուած ռուսական կարեւոր լրատուամիջոցին հրապարակած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը թուրք պաշտօնատարներուն յիշեցում կատարած էր հայերուն նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ունեցած սեւծովեան ելքով բնորոշուող պարտքին մասին:
Այս օրերուն շատցած են նաեւ վերլուծական զուգահեռները արաբական գարունին եւ Ազրպէյճանի մէջ ուշացող գարունին միջեւ: Զուգահեռները հիմնուած են երկարատեւ ընտանեկան իշխանութիւններու, հակաժողովրդավարական կարգերու, ընդդիմութեան փոշիացումին, հալածանքներուն եւ նման իրողութիւններու վրայ: Ալիեւն ու Քատտաֆին՝ անոնց միջեւ եղած պայմանային տարբերութիւններով հանդերձ նոյն նժարին վրայ դնելու փորձերը շատ են: Ազրպէյճանական ձմեռ է առայժմ:
Քաղաքական եւ հասարակական այս արժեչափերը նկատի ունենալով, հաւանաբար, զուգահեռները արդարացուած են: Այս պարագային, սակայն, արցախահայութիւնը, ի տարբերութիւն արտաքին ներշնչումներէ թելադրուած արաբական գարուններու տեսակներուն, ազգային ինքնորոշումի մարդկային եւ ազգային սկզբունքներուն վրայ իրողական նոր սահմանագծումը պարտադրած է բոլորին: Ինչպէս գարունը, այնպէս ալ ձմեռը կամ միւս եղանակները որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար բերել ինքնորոշուած Արցախին:
Դռնփակ հանդեսին պատգամները
ՄԱԿ Էսքվա-ի կեդրոնատեղիի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առիթով Լիբանան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմեթ Տավութողլուի հանդիպումներուն հետեւելով՝ կարելի է որոշ դիտարկումներ ընել եւ փորձել անոնց հիմքին վրայ եզրայանգումներու ընդհանուր ուրուագծեր ներկայացնել: Նախ՝ պէտք է արձանագրել, որ ՄԱԿ ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորած այս խորհրդաժողովին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը միակն էր ոչ արաբ նախարարներու շարքէն, որ նման հանգամանքով իբրեւ հիւր կը մասնակցէր ժողովին: Մեկնաբանելի է նաեւ այն իրողությունը, որ խորհրդաժողովին պաշտոնական բաց նիստէն ետքը, ուր ելույթ ունեցած է ՄԱԿ ընդհանուր քարտուղարն ու պաշտօնական անձնաւորութիւնները, Տավութողլույի խօսքը հնչած է դռնփակ նիստին ատեն:
Հոս, իհարկէ, գերգաղտնի խորհրդակցություններու մասին չէ խօսքը: Անպայման, Տավութողլուի խօսքին բովանդակութիւնը պիտի դառնայ առնչուած կողմերուն սեփականութիւնը: Թրքական մամուլը արդէն որոշ մանրամասներ կը հաղորդէ անոնց արտաքին գործերու նախարարի խօսքին վերաբերեալ: Պատգամը այլ է. յատուկ կարեւորութիւն ընծայել տարածաշրջանին մէջ դերակատարութիւն ստանձնած Թուրքիոյ, որուն պաշտօնական ներկայացուցչին Լիբանան ժամանումն ու հանգամանքի նկատառումով եզակի ներկայութինը նոյն դերակատարութեան շեշտումը կ’առաջադրէ:
Հետեւելով մամլոյ հրապարակումներուն` կարելի է արձանագրել նաեւ, որ վարչապետին, նախկին վարչապետին եւ որոշ առումով նաեւ հանրապետության նախագահին հետ կայացած հանդիպումները կը կրեն դրական շեշտեր, մինչ համեմատաբար վերապահ բնոյթ ունեցած են խորհրդարանի նախագահին եւ Հիզպուլլահի պատուիրակութեան հետ Անգարայի արտաքին գործերու գերատեսչութեան ղեկավարին տեսակցութիւնները: Անշուշտ, կարելի չէ հենուլ միայն մամլոյ հաղորդագրություններու բովանդակութեան վրայ, այսուհանդերձ, լիբանանեան կողմերու տարբեր ներկայացուցիչներուն եւ պաշտօնական Անգարային դիրքորոշումները` շրջանային իրադարձություններուն նկատմամբ, կը համոզեն, որ լրատուութիւններուն մէջ շեշտերու դրականութիւնը եւ բացասականութիւնը հեռու չեն իրականութենէն:
Լիբանանեան հանդիպումներու այս բազմակողմանիութեան մէջ ուշագրաւ է նաեւ Տավութողլուի նախաձեռնութիւնը՝ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու առումով: Տուած դասերը` համայնքներու համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան եւ մասամբ նորին երկակի, եթէ ոչ բազմակի չափանիշերու վառ օրինակներ են, մանաւանդ՝ նկատի ունենալով Տավութողլուի երկիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու հանդէպ կիրարկուած խտրական քաղաքականութիւնը:
Քաղաքական այս հեգնանքը, սակայն, ունի իւր հետեւողականութիւնը: Ընդամէնը մի ամիս առաջ էր, երբ նոյն թուրք նախարարը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները կը հրավիրէր Իսթամպուլին մէջ գումարուող խորհրդաժողովի, յայտնաբար «մտահոգ»` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճակատագրով: Քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը կը շարունակի, երբ Տավութողլուն Լիբանանի նախկին նախագահին հետ քննարկած է դարձեալ Թուրքիոյ մէջ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր ներկայացուցիչներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը:
Իսլամական դիմագծով վարչակարգին ներկայացուցիչը քրիստոնեայ համայնքները համախմբելու, իսլամ-քրիստոնեայ երկխոսութեան նախաձեռնութիւններու դիմելու եւ համաշրջանային մակարդակով դերակատարութիւն ստանձնելու դրսեւորումներ կը ցուցնէ: Անգարայի կողմէ Պէյրութը ընտրուած է վայր այս բոլորի նախանիշերը յայտարարելու, իսկ միջազգային ընտանիքին կազմակերպած խորհրդաժողովը առիթ` դռնփակ քննարկումներ ընելու եւ կանխազգուշացնելու Լիբանանը, որ տարածաշրջանին մէջ սպասուող ցնցումներուն հետեւանքով չներքաշուի քաղաքացիական պատերազմին մէջ:
«Արաբական գարունը Պէյրութէն է սկսուած» յայտարարություն ընող Տավութողլուն, որ հաստատած է Անգարա-Դամասկոս կապերու խզուած ըլլալը, այժմ կ’անդրադառնայ «գարնանային» նոր ցնցումներուն, որոնցմէ պէտք չէ վնասուի արաբական գարունին մեկնակէտը: Այ՞ս է յայտարարութիւններուն առանցքային պատգամը: Այլապէս, ՄԱԿ ընդհանուր քարտուղարի կողքին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին յայտնուելը եւ անոր ցուցած քաղաքական հանդէսը կը յուշեն, որ Անգարա-Պէյրութ եռուզեռը զգալի կշռոյթով շարունակուելու նախադրեալներ ունի:
Մերձեցում-թափանցումի թրքական օրինակը
Տարածաշրջանային կացութիւնը անմիջականօրէն կը լրացնէ տագնապալի բնութագրուելու բոլոր բաղադրիչները: Հալեպին մէջ կատարուած ականահարումները, զոհերու թիւը, ընտրուած վայրերը աւելի կը խորացնեն Սուրիոյ տագնապը` նախանշելով դէպքերու նոր տարողութեան ահագնացումը:
Սուրիոյ զարգացումներն անմիջականօրէն կանխող ժամանակահատուածին մէջ Դամասկոսի հետ Անգարայի աննախադէպ մերձեցումը, ռազմավարական յատուկ գործընկերութեան համաձայնութիւնը, երկու կողմերէն մուտքի արտօնագրերու դրութեան վերացումը, առեւտրական եւ տարբեր ոլորտներուն վերաբերող մեծաթիւ համաձայնագրերու ստորագրութիւնը, փաստօրէն, մերձեցումի տարազին ներքոյ թրքական թափանցումի գործընթաց կ’ենթադրէին: Այս պայմաններուն մէջ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող 40-էն աւելի թուրք սպաներու ներկայութիւնը ինքնին մերձեցումէն աւելի հեռու գնացող այլ աշխատանքներու յստակ ցուցանիշ է:
Թրքական «մերձեցումի» գործօնը այսպէս կ’արտահայտուի, եւ սա պէտք է դիտարկել Անգարայի կողմէ յայտարարուած «զրոյ խնդիրներ հարեւաններուն հետ» կարգախօսը կրող արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Ի վերջոյ, Սուրիան Թուրքիոյ հարեւան պետութիւն է, որուն հետ այս ձեւով զրոյի պիտի հավասարուին գոյութիւն ունեցող խնդիրները…
Նախադրեալները կը նախանշեն, որ Անգարայի թափանցողական մերձեցումը քաոսային այլ իրավիճակներ կը նախապատրաստէ Սուրիոյ համար:
Նման մերձեցումի քաղաքականութենէն զերծ չէ նաեւ Լիբանանը, որտեղ անհանգիստ կացութիւն կը տիրէ: Կառավարութեան նիստերէն մէկու ընթացքին արձանագրուած անհամաձայնութիւնը իւր տարողութենէն դուրս կու գայ եւ կը յանգէ կառավարութեան աշխատանքի սառեցումին: Նախապէս, նոյնիսկ տարբեր բեւեռներէ կազմուած դիւրաբեկ կառավարութիւններու օրերուն, եղած են շատ աւելի սուր անհամաձայնութիւններ, որոնք, սակայն, հազուադէպ կը տանէին անելանելի փակուղիներուն: Այժմ յայտնապէս պատրուակի տպաւորութիւն կը թողու պետական նշանակումներու առիթով ստեղծուած անհամաձայնութիւնը՝ նման առկախումներուն հասնելու համար:
Առավելագոյն անհամաձայնութիւնը կրնար անորոշ թուականով հետաձգել օրակարգին կէտը եւ ոչ թէ անդամալուծել կառավարութեան աշխատանքները: Մանաւանդ, երբ բազմաթիւ ոլորտներու առումով կան կենսական խնդիրներ՝ ուղղակիօրէն եւ անմիջական կարգով կապուած քաղաքացիներու կենցաղի, կարիքներու, տարրական իրաւունքներու հետ:
Կը թուի, որ սպասողական հանգրուանին մէջ է Լիբանանը, որն իր աշխարհագրական, քաղաքական եւ ընդհանուր համակարգային դրուածքով հասկանալիօրէն անմիջական ազդեցութիւն կը կրէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն: Ուրեմն, ճիշտ հոս է, որ Անգարայի մերձեցումի քաղաքականութեան հետեւանքներուն հետ հաշուի նստելու խնդրին կը դիմագրաւին լիբանանյան կողմերը: Հարավային Լիբանանին մէջ թրքական զօրամիաւորներու ինքնաառաջադրուելը, բարեսիրական քօղի տակ հիւանդանոցներ կառուցելը, կրթական անուան տակ դպրոցներ վերանորոգելը, մշակութային բնոյթի նախաձեռնութիւնները, լիբանանցի լրագրողներ դարպասելը եւ տնտեսական զարգացումի նպատակին տակ հսկայական գործառնութիւններով Պէյրութի մեծ դռներէն ներս մտնելը, ի վերջոյ, որոշ քաղաքականութեան կիրարկման համար անհրաժեշտ շղթայի տարբեր օղակները կը կազմեն պարզապէս:
Լիբանանեան քաղաքական միտքը, անկախ համայնքային նկատառումներէն, պէտք է կարենայ գնահատական տալ այսօրուայ Սուրիոյ մէջ Անգարայի ստանձնած դերակատարութեանը` եզրակացնելու, թէ ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած է Անգարայի վարիչներու կիրարկուած ցուցադրական մերձեցումը Դամասկոսի նկատմամբ, մանաւանդ, որ մերձեցումի պէյրութեան տարբերակը տակաւին երեկ ՄԱԿ խորհրդաժողովներուն շղարշի տակ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը կը շարունակէր ցուցնել երկիրի քաղաքական եւ կրօնական պետերուն:
Հիւսիսային Լիբանանին մէջ արդէն ո՞րերորդ անգամ ըլլալով՝ բռնկուած են սիւննի-ալաուի բախումները: Սա սուրիական իրավիճակին անմիջական ազդեցութեան առաջնային հետեվանքներէն է: Չմոռնանք, որ հիւսիսային Լիբանանը ամենաթիրախաւորուած միջավայր մըն է Անգարայի կողմէ թափանցումի աշխատանքներ իրականացնելու համար: Հոն կը բնակի թրքախոս ազգաբնակչութիւն, որուն նկատմամբ պաշտօնական Անգարան կը կիրառէ հոգատարութեան յատուկ քաղաքականութիւն:
Տարածաշրջանին մէջ թրքական գործօնի աշխուժացումի պատճառահետեւանքային գնահատականը տալու պահն է. ա՞յժմ: