Այս ուսումնասիրութեամբ կ՛ուզեմ հակիրճ ձեւով ամփոփել Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հատուածը, ներկայ իշխանութեան արտաքին մարտահրաւերները եւ ինչու՞ Հայաստանի համար պետք է հաւասարակշրուած արտաքին քաղաքականութիւն մը:
Արտաքին քաղաքականութեան ծրագիրը՝ (ամփոփում).
Ծրագիրը կը բաղկանայ քանի մը կէտերէ, սակայն կ՛ուզեմ անդրադառնալ հիմնական երեք կէտերու` Արցախ, Հայոց ցեղասպանութիւն եւ շրջանային ու միջազգային քաղաքականութիւն:
-Արցախեան հարցին անդրադառնալով` ծրագիրը կը հաստատէ, որ Արցախի կարգավիճակը եւ անոր անվտանգութեան ապահովումը բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի համար հիմնական են: Հայաստան նաեւ ջանք պիտի թափէ Արցախը դարձնելու բանակցութեան մէջ հիմնական կողմ, որով արցախցիք պիտի ունենան իրենց լիիրաւ ներկայացուցիչը: Ասիկա նորութիւն մը չէ, Երեւանի նոր վարչակազմը քանի մը անգամ յայտարարեց, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որովհետեւ Երեւանը չի կրնար ներկայացնել Ստեփանակերտի տեսակէտները: Անշուշտ այս մօտեցումը անընդունելի էր Պաքուի իշխանութիւններուն համար:
-Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձեալ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ է: Կառավարութիւնը խոստացաւ հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հոլովոյթը եւ զայն նկատեց շրջանային անվտանգութեան օրակարգ: Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ հայ-թրքական օրակարգը ծրագիրին մէջ չէ ներառուած: Ինչպէս նախկին կառավարութիւնը, այս կառավարութիւնը նոյնպէս պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, որ միջազգային գետնի վրայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ Հայաստան յառաջատար դեր խաղայ:
-Շրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ չկար շեղում, այլ կառավարութիւնը յստակ պատկերացում մը տուաւ` զարգացնելու տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները դրացի եւ բարեկամ երկիրներու հետ: Նկատի առնելով աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Վրաստանի եւ Իրանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ` հայկական կողմը առանձին անդրադարձաւ այս կէտին եւ ընդգծեց «առանձնայատուկ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ»-ը այս երկու սահմանային երկիրներուն հետ: Նկատի ունենալով, որ այս երկու երկիրները միակ ելքն են դէպի Եւրոպա-Ռուսիա եւ ասիական շուկաներ, հայկական կողմը յստակացուց, որ ինք չի կրնար մխրճուիլ քաղաքական հաշիւներու մէջ, որոնք կ՛ուզեն հարուածել Վրաստանը կամ Իրանը` ըլլայ ատիկա Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան, անիկա որակուեցաւ իբրեւ «ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւն», եւ հայկական կողմը այս յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով յաւելեալ տնտեսական եւ զինուորական ծրագիրներ որդեգրեց: Կառավարութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ պիտի խորացնէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպական Միութեան հետ եւ խոստացաւ, որ Հայաստանը աւելի ճկուն մասնակցութիւն բերէ ՕԹԱՆ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի ծրագիրներուն մէջ: Կառավարութիւնը նաեւ առանձին հատուածներու մէջ անդրադարձաւ Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ճափոնի հետ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման հեռանկարներուն: Վերջապէս, յատուկ ուշադրութիւն պիտի գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման ապահովման ուղղուած ջանքերը:
Այս կետերէն մեկնելով կրնանք ըսել որ մարտահրաւէրները շատ են, մանաւանդ ըստ կարելւոյն պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահել Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ միջեւ եւ նոր ճամբաներ բանալ դէպի Ասիա: Հոս պէտք է աւելցնել նաեւ որ Հայաստան պէտք է նաեւ խորացնէ իր յարաբերութիւնները իսլամական երկիրներու հետ` կանխելու համար թուրք-ազրպէյճանական հակահայկական քարոզչութիւնը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւերները
Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն 25 Հոկտեմբեր 2018-ին այցելեց Հայաստան ուր հանդիպումներուն ընթացքին Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնները Իրանի հանդեպ բաւական մեծ անհանգստութեան պատճառեցին հայկական կողմին: Միւս կողմէ ամերիկացի Պոլթըն յոյս յայտնեց որ «Հայաստանի համար ներկայ հանգրուանը առիթ մըն է լուծելու Ղարաբաղեան տաքնապը»:
Երեւանի իշխանութինը նեղ կացութեան մատնուեցաւ երբ Պոլթըն յայտարարեց որ Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր յարաբերութիւնը Իրանի հետ: Թեհրանէն դիտուած` ասիկա մտահոգիչ է այն առումով, որ իրեն սահմանակից եւ ռազմավարական երկիր մը միանայ Միացեալ Նահանգներու դաշինքին: Հոս պէտք է նշենք, որ Իրան առաջին իսկ օրէն Հայաստանի ժողովրդային շարժումը որակեց իբրեւ «գունաւոր յեղափոխութիւն»:
Միւս կողմէ Ռուսիոյ շահերուն չի համապատասխաներ, որ արցախեան խնդիրը լուծուի խաղաղ միջոցներով: Քրեմլին մտահոգութիւն ունի, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ուղղուին դէպի Արեւմուտք, եւ այսպիսով Մոսկուա կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնը Հարաւային Կովկասի վրայ: Հետեւաբար Ռուսիա ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի ղարաբաղեան խաղաքարտը մնար իր ձեռքերուն մէջ: Ասիկա գաղտնիք մը չէ, բազմիցս ռուսական կողմը արտայայտած է իր պատրաստակամութիւնը «խաղաղապահ» ուժեր ուղարկելու Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծ: Բան մը, որ մտահոգութիւն արթնցուցած է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ եւ մերժուած արեւմուտքին կողմէ:
Սակայն, միւս կողմէ, Երեւան այլ ելք չունի: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ դրացիներուն հետ իր յարաբերութիւնը կը մղեն Երեւանի իշխանութիւնները, որ որդեգրեն «ռուսամէտ արտաքին քաղաքականութիւն», եւ այս էր պատճառը, որ Հայաստան անդամակցեցաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ): Սակայն 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան պէտք է վարէ աւելի ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն մը, որպէսզի սիրաշահի միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը: Հետեւաբար Հայաստանի համար պէտք չէ ընտրանք ըլլայ կա՛մ Ռուսիան, կա՛մ ալ Արեւմուտքը, այլ Երեւանի հայեացքը պէտք է ուղղուի նաեւ դէպի արեւելք, որպէսզի աւելի ճկուն եւ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն մը վարէ:
Երեւան կ’ուղղուի դէպի արեւելք՝ «Երրորդ ուղղին»
Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) համար դէպի Ասիա ուղղուիլը բաւական արդիւնաւէտ է, որովհետեւ ասիական շուկային մէջ եւրասիական (նաեւ հայաստանեան) արտադրութիւնները կրնան մրցակցիլ տեղական արտադրութիւններուն հետ, բան մը, որ գրեթէ անկարելի է Եւրոպական Միութեան մէջ: ԵՏՄ-ի եւ Չինաստանի ու այլ ասիական երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը առաջին յենարանն է Չինաստանի կողմէ նոր Մետաքսէ ճանապարհի կառուցումին համար, ինչ որ նաեւ պիտի ընդգրկէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները:
Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անոր կու տայ կամուրջի մը հանգամանքը: Հայաստան պէտք է դառնայ նոր Մետաքսի ճամբուն սիւներէն մէկը` դառնալով Եւրասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կամուրջ մը` առանց շեղելու իր եւրասիամէտ արտաքին քաղաքականութենէն:
Հայաստան կրնայ Չինաստանի եւ ասիական երկիրներու համար շահագրգիռ երկիր դառնալ` նախ կառուցելով Հիւսիս-հարաւ մայրուղին` Իրանը կապելով Վրաստանին եւ դառնալով Նոր Մետաքսի ճամբուն մասնակից անդամ: Վերջերս հայաստանցի մասնագէտներ այցելեցին Չինաստան եւ արծարծեցին այս հարցը: Անշուշտ կարելի չէ մտածել, որ այս մայրուղին պիտի փոխարինէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, սակայն այլընտրանք մըն է: Երեւան պէտք է ունենայ աշխուժ դեր` Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ եւ դառնայ կամուրջ Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ: Աւելի՛ն. երկրին ներքին կայունութիւնը պիտի ներգրաւէ չինական ներդրումները, մասնաւորապէս` երկաթուղիներ կառուցելու հարցով: Երեւանէն շատ բան կը սպասուի այս հարցով, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` օգտուելու համար Եւրասիոյ մէջ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ մերձեցումէն:
Չինաստանը կ՛ապրի տնտեսական եւ ռազմական վերելք մը, եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է լաւապէս գիտակցի այս իրողութեան: Ըստ քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեանին, Չինաստանի հետ քաղաքական յարաբերութիւնը Հայաստանի համար կրնայ այլընտրանք ըլլալ «Ռուսիա կամ Արեւմուտք հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան»: Քաղաքագէտին համաձայն, Հայաստանի դէպի արեւելք ուղղուածութիւնը կրնայ առիթ հանդիսանալ` նուազեցնելու Երեւանի ենթակայութիւնը Մոսկուայէն («Ասիա Թայմզ», 14 յունուար 2019): Հոս պէտք է յիշել որ Չինաստանը Հայաստանի առեւտրական երրորդ մեծագոյն գործընկերն է, առեւտուրի ցուցանիշը երկու երկիրներուն միջեւ բարձրացած է 41 առ հարիւրով: Ըստ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանին յայտարարութեան, անցեալ տարի 7000 չին զբօսաշրջիկներ այցելած են Հայաստան («Նոյեան Տապան», 17 յունուար 2019): Չինական ընկերութիւններ նաեւ կատարեցին մօտ 500 միլիոն տոլարի ներդրումներ` Հայաստանի երեք հանքերու մէջ («Արմինիըն Ուիքլի», 3 յունուար 2019):
Հետեւաբար Չինաստանի համար Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր է ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նաեւ Հայաստան կղզիին` իսլամական եւ թրքական ովկիանոսին մէջ գոյատեւումը Չինաստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ապահովութիւն կը ներշնչէ թրքալեզու անջատողականութեան դէմ դնելու իմաստով:
Եզրակացութիւն
Հայաստան կարողութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հսկայ դեր խաղալու թէ՛ Չինաստանի նոր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրներուն եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական կամուրջ մը դառնալու: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ճկունութիւնը դէպի Չինաստան եւ այլ Ասիական երկիրներ կրնայ դարնալ «երրորդ ուղղի» մը որ կրնայ փոխարինել «Ռուսիա-արեւմուտք» հաւասարակշրուած բայց վտանքաւոր արտաքին քաղաքականութիւնը: