Սպանացի ազնուականը, վիպասանը, մտաւորականը, մեծ հայասէրն ու մարդասէրը՝ Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչ
Սպանացի Մեծ Հայասէր եւ Մարդասէր Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի հետ մեր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2002 թ.-ին Երեւանի մէջ, Սպանիոյ Ծերակոյտի անդամ Սոլերի հետ (Ալմերիա), որ եկած էր ստանալու Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան Արժանեաց Ոսկեայ շքանշանը։ Ան սպաներէնով (թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու, նաեւ հայերէնի) «Էլ Արպոլ Արմենիօ» (Հայկական Տոհմածառ) վէպն էր, ուր ներկայացուցած էր հայոց Մեծ Եղեռնի ահաւոր ողբերգութիւնը, ուր թուրք դահիճները յետագային դարձան իրենց զոհերուն հայրերը…։ Գիրքին կողքին վրայ պատկերուած էր տարաբախտ հայ մայր մը (լուսանկարուած Աւստրիացի սպայ Արմէն Վէկնէրին կողմէ) երբ իր նորածինը գրկած կը քալէր Սուրիոյ անապատին մէջ։
Սպանիոյ թագաւորութեան եւ Փորթուկալի մօտ այժմ հանգուցեալ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Էտուարտ Խոչայեանի միջոցով, հայրենի հողի վրայ այս ծանօթացումը վերածուեցաւ շուրջ 18 տարուան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան։ Սպանիոյ արքայական ընտանիքին ազգական այս գրողը, մտաւորականը, ակադեմականը, որ նաեւ շինարարական ընկերութեան մը հիմնադիր տնօրէնն էր՝ լոյս ընծայեց նաեւ «Էլ Թեսթամենթօ Արմենիօ» (Հայկական Կտակարանը) վէպը, նաեւ «Էլ Լեկատօ Քուրտօ» (Քրտական ժառանգութիւնը), «Աստուծոյ Անունը», «Հնդիկը», «Լրագրութիւն Ռուսիոյ Մէջ»…։
2007 թ.-ին սպանացի վիպասանը, որ արժանացած էր 1997 թ.-ին Վինցեթթէ Պլասքօ Իպանէզի հեղինակաւոր մրցանակին, արժանացաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Կարպիս Փափազեան» մրցանակին։ Ապա, 2013 թ.-ին Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատուոյ Վկայականին։ Մինչ իր գիրքերուն հայերէն թարգմանութեան եւ Հայաստանի մէջ տպագրութեան պատճառով (վերջին անգամ «Էր Մոնթանա Պլանքա» «Սպիտակ Լեռը», Լիբանանի մասին), դարձաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուոյ Դոկտորական շնորհուեցաւ այս սպանացի հայապաշտպան ազնուականին։
Յետագային մեր հանդիպումները Սպանիոյ Մուրսիցի պատմական քաղաքին համալսարանին մէջ՝ ուր տեղի ունեցան հայ մշակոյթին նուիրուած օրեր, մասնակցութեամբ Սպանիայէն, Հայաստանէն եւ Արժանթինէն ժամանած բանաստեղծ բանաստեղծուհիներու, գրողներու, ազգային ու մշակութային դէմքերու։ Ապա, երկօրեայ այցելութիւն Ալմերիայի ծովափնեայ հրաշալի առանձնատունը ու լեռնային դղեակը, Սպանիոյ «Արարատ», Սիետրա Մաեստրա սրբազան լեռներուն դէմ յանդիման։ 2014 թ.ին, Մատրիտէն Ալմերիա գիշերային ճամբորդութեամբ, վայելեցինք իր ջերմ հիւրասիրութիւնը, ուր մեզի ցոյց տուաւ այն երեք շքանշանները որոնք ստացած է Հայաստանի նախագահներէն։
Կոնզալօ Հերնանտէզ Կուարչի երազն էր այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան ողջակիզման երբեմնի դժոխք՝ Տէր-Զօր, նաեւ Սուրիոյ անապատները, ուր բիւրաւոր հայեր կորսուեցան անապատի աւազներուն մէջ, Ցեղասպանութեան օրերուն։ Կը ցանկանար այցելել նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, ծանօթանալ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Պատրիարքարանին՝ որոնց հետ հանդիպած է Վատիկանի մէջ, որպէս հոգեւոր հայրեր եւ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան հոգեւոր կեանքի անմիջական ժառանգները։ Լիբանանին նուիրուած պատմական – գեղարուեստական «Սպիտակ Լեռը» վերստին տպուած տեսնելով Պէյրութի մէջ, կը ցանկանար այդ առիթով գինեձօն կազմակերպել, ծանօթանալ Լիբանանի հայութեան ու երկրին գրական, մտաւորական ընտրանիին հետ։ Սակայն Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, Քորոնա ժահրի ահաւոր վտանգը, յետաձգեցին մեծ հայասէրին ու մարդասէրին երազանքին իրականացումը, որ յոյսով ենք պիտի իրականանայ մօտիկ ժամանակներս։
Թուրքիա կը շարունակէ մերժողականութեան իր դաւերը՝ գործի լծելով նոր «դաշնակիցները»
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս օրերուն՝ երբ մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր հզօր տէրութիւնները, երկիրներն ու կառավարութիւնները ճանչցած են Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ Թուրքիա կը շարունակէ իր նոր դաւերն ու մերժողականութեան ցաւալի դիրքորոշումները որդեգրել ամէնուրեք։ «Նէօ-Օսմանականութեան» ինքնակոչ Սուլթան Էրտողանի գործունէութեան թիրախը այս անգամ Ուքրանիան է, ուր գոյութիւն ունեցած է հայկական հազարամեայ գաղթօճախ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով եւ ծաղկուն գործունէութեամբ մայրաքաղաք Քիեւի, Լուհանսքի, Լվովի, Խարքովի, Օտեսայի եւ այլ ոստաններուն մէջ։ Մանաւանդ որ, հազարաւոր հայ մարտիկներ, խորհրդային բանակի շարքերէն, Թամանեան զօրախումբէն, իրենց կեանքը կորսնցուցին Հիթլէրական հրոսակներէն ազատագրելու համար Ուքրանիան։
Այսօր, ինչպէս Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն՝ Խրիմի թաթարները թիկունքէն հարուածեցին զօրավար Վասիլեանի զօրքերը, Հիթլէրի եւ աթաթուրքեան Իսմէթ Ինէօնիւական Թուրքիոյ դրդումներով եւ ծրագիրներով՝ պատերազմէն ետք ամբողջ ցեղախումբերով աքսորուելով որպէս պատիժ դէպի իրենց «ծննդավայրը» Ալթայ եւ կեդրոնական Ասիա, ապա եւ Էրտողանեան Թուրքիա, իր քաղաքականութիւնը հիմնած է այսօր, Ուքրանիա վերադարձած թաթարներու եւ պանտերական հրոսակներու յետնորդները ֆինանսաւորելու, զինուորագրելու միջազգային ահաբեկչութեան «Նէօ- ենիչերիական» շարքերուն մէջ։ Անոնցմէ շատեր նոր կոտորածներ եւ աւերածութիւններ կազմակերպեցին հիւսիսային Սուրիոյ թէ Իրաքի մէջ, ոմանք ալ որպէս ազրպէյճանցի վարձկան՝ մասնակցեցան 2016 թ-ի Ապրիլեան պատերազմին՝ որպէս նախայարձակներ Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական դիրքերուն դէմ…։
Մերօրեայ ինքնահռչակ Սուլթան Էրտողան, Ուքրանիոյ նախագահներ, Փորոշենքոյի եւ Զելենսքիի հետ ուղղակի թէ անուղղակի հանդիպումներու ընթացքին տնտեսական եւ ռազմական պարարտ օգնութիւններ խոստացած է, պահանջելով որ անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին պատմական իրողութիւնը պաշտօնապէս ժխտեն։ Փոխարէնը՝ տնտեսական սուր ճգնաժամի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ 130 միլիոն ռազմական օգնութիւն փոխանցելով եւ Լիբանանի թէ Եգէականի բնական կազի ընդծովեայ պաշարները Թուրքիոյ վրայով Ուքրանիա- Եւրոպա «փոխանցելու» (ազրպէյճանական կազին հետ) փայլփլուն խոստումներով։ Ապա, Սուրիոյ մէջ, որ վերջերս պետական մակարդակով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական եղելութիւնը, Տէր-Զօրի, Մէմպիժի, Ռաս-էլ-Այնի եւ այլ տարածքներուն վրայ՝ թուրք երիտթրքական արիւնարբու ոճրագործներուն կողմէ՝ դարձեալ անվերջ ռազմական գործողութիւններով, ռմբահարումներով անկայունացնել երկիրը։ Էրտողանի վարչակարգին կատաղութիւնը չափ ու սահման չունէր 2020 թ-ի Փետրուարի 2-ին, երբ 167 թուրք զինուորներ եւ նոյնքան ալ վարձկաններ սպաննուեցան Սուրիոյ եւ Ռուսական օդուժի, հրթիռային համակարգերու հարուածներէն։ Սպառնալիքներէն գործի անցնելով՝ Էրտողանի ռազմական պատուիրակները, անմիջապէս ուղարկուեցան Ուքրանիա եւ Ազրպէյճան՝ օգնելու իրենց «նորագիր» դաշնակիցներ ուքրանացի եւ թաթար հրոսակներուն, ինչպէս նաեւ ազերի ցեղասպաններուն՝ նոր գործողութիւններ ձեռնարկել Խրիմի թէ Արցախի դէմ։
Այո, աւելի քան դար մը յետոյ, կոտորածներ, ցեղասպանութիւններ, տարագրութիւններ տեղի ունեցան, ինչպէս 1915, այնպէս ալ 2015, 2016, 2017 … մինչեւ այսօր ցեղասպան թուրքին եւ իր վարձկան՝ «ՏԱՀԷՇ»ականներու, թաթարներու թէ ույկուրներու կողմէ՝ Սուրիոյ թէ Արցախի, Արեւելեան Ուքրանիոյ երբեմնի հայաշատ տարածքներուն վրայ։ Նոյնիսկ Քորոնա ժահրի այս դժնդակ օրերուն, Թուրքիա նոր պատերազմներ կ’որոճայ Կիպրոսի թէ Յունաստանի դէմ՝ անպատիժ շարունակելով բազմատեսակ ոտնձգութիւնները։
Հարկաւոր է համընդհանուր ոյժերով, մեր բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւններու օգնութեամբ, հայասէր ու մարդասէր անձանց օժանդակութեամբ, դիմակայել ահագնացող թրքական նորանոր վտանգներուն։
Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև ընթացող Ղարաբաղյան հակամարտության շրջանակներում Ռուսաստանի դերը և ռուս խաղաղապահ առաքելության լիակատար ձախողումը Սոսի Թաթիկյանի հոդվածի հիմնական...
Ինչո՞ւ է Գերմանիան ակտիվացել Հարավային Կովկասում, մասնավորապես, հայ-ադրբեջանական գործընթացում, ի՞նչ հեռանկարներ ունի հայ-գերմանական պաշտպանական համագործակցությունը և ինչպե՞ս Գերմանիան կարող է...
Սոցիալ-տնտեսական խնդիրներից զատ, Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանված անձինք բախվում են իրավական տարաբնույթ խնդիրների։ Նրանց մի մասը որպես լուծում տեսնում է իրենց...