Թուրքիոյ քաղաքական նախաերկրաշարժեան պատկերը
Թուրքիոյ զարգացումներուն հետեւողներուն համար աւելի քան յստակ դրոյթ էր, որ 2023 թուականը պիտի հանդիսանայ «ծանր» զարգացումներով լեցուն տարի մը 85 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այդ երկրին համար։ Խնդիրն, անշուշտ, միայն «սպասուած» նախագահական ընտրութիւնները չէին Թուրքիո մեջ, որը կը մօտենայ իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին։ Երկիր, որուն հիմնադիրը համարուող Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքը կարողացաւ ամենատարբեր եւ յաճախ հակոտնեայ տեսակէտներ ունեցող խմբաւորումները մէկ՝ կարմիր դրօշակի տակ ի մի բերել, այսօր արդէն կանգնած է բոլորովին նոր օրակարգերու առջեւ։
Քրտական խնդիրը, որ կը համարուի Թուրքիոյ «ներքին ժամացոյց»ի գլխաւոր եւ մտահոգիչ առանցքը, այսօրուան դրութեամբ ունի շատ աւելի մեծ խնդիրներ, քան ըսենք վաղ 1970-ականներուն, երբ Թուրքիան ի մի բերողը, միացնողը քրտական զինեալ խմբաւորումներու դէմ եղած պայքարն էր։ Եւ անշուշտ այս ծանր իրադրութիւնը մէկանգամընդմիշտ կ’իյնայ 2002 թուականին իշխանութեան հասած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ուսերուն, որուն առաջնորդ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը կարողացաւ իր հետ այդ կուսակցութիւնը հիմնադրած «հին գայլեր»-ը խաղէն դուրս հանելով միահեծան կերպով ղեկավարել ամբողջ երկիրը։
Կարեւոր քայլեր կատարեց Էրտողան Թուրքիոյ ներքին օրակարգին առընթեր ու նաեւ յաջողեցաւ մինչ այդ տարբեր առիթներով երկրի ներքին անդորրը խանգարելու ներուժ ունեցող քրտական խնդիրը կերպով մը սառեցնել։ Ան նաեւ կարողացաւ լաւագոյն ձեւով շահագործել Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի թեման, ու մանաւանդ սիւննի- արաբական բաղկացուցիչի սուրիական գետինէն հեռանալէն ետք կարողացաւ իր շահերուն ծառայեցնել ու նաեւ իր տիրապետութեան տակ առնել սուրիական վեց քաղաքներ։
Սուրիոյ մէջ անմիջական միջամտութիւնները, անարգել աշխատանքը եւ միւս կողմէ փութինեան Ռուսիոյ հետ «մեղրահացի» նստիլը Էրտողանին տուին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու ազգաբնակչութիւնէն (թիւրքմէննէր, սիւննի արաբներ, եւ նոյնիսկ Միջին Ասիայէն Սուրիա հասած իսլամիստներ) օգտուելու հնարաւորութիւն։ Ու ատոր շնորհիւ էր նաեւ, որ դառնալով միահեծան խաղացող՝ Էրտողան ունեցաւ սուրիացի փախստականները իր «ձեռքերուն» մէջ պահելու հնարաւորութիւնը։ Այդ բոլորի դիմաց ստանալով Եւրոպայի դրամական նեցուկը՝ Էրտողան միանշանակ կերպով նոյն եւրոպացիներուն վստահեցուց, որ սուրիացի փախստականները ոչ մէկ կերպ պիտի կարողանան հասնիլ եւրոպական ափեր։
Այս բոլորը նշեցի նաեւ տեղ մը դիտարկելու համար, որ «ներքին հարցերը արտաքին խնդիրով փոխարինել» մօտեցումը օգտագործելով՝ Էրտողան դարձաւ անդրդուելի։
Միջոցին տեղի ունեցան կարեւոր եւ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ ծանր ճեղք յառաջացնող դէպքեր, որոնց ամենակարեւորը Մոսկուայի հետ կնքուած S-400-ի գործարքն էր, որ նաեւ նոր ճանապարհ մը բացաւ Էրտողան-Փութին «քաղաքական սիրախաղին»։
Այդ փուլի արանքին մեջ էր նաեւ, երբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի իշխանութիւնը հասաւ իր աւարտին, բանալով աւելի մեծ ցնցումներով լեցուն յարաբերութիւններու շրջափուլ մը մէկ կողմէ Էրտողանեան Թուրքիոյ եւ միւս կողմէ Պայտընեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ու այս բոլորի լոյսին ներքոյ գուցէ բնաւ ալ զարմանալի չթուայ այն փաստը, որ 2020 թուականին իր ընտրութիւնէն մինչեւ այս պահը Պայտըն չէ ընդունած Էրտողանը Սպիտակ տան իր կեցավայրին մէջ։
Ամէն պարագայի նախքան երկրաշարժի իրավիճակը դիտարկելը հարկ է յստակեցնել, որ Թուրքիան պիտի մտնէր բաւականին գերլարուած փուլ մը եւ այդ մէկն, անշուշտ, պայմանաւորուած պիտի ըլլար ընտրութիւններով, որ ըստ շատ ու շատ վերլուծաբաններու ունէր հիմք Էրտողանը վերջնականապէս տապալելու եւ անոր իսկ կերտած խաղէն դուրս բերելու։
Ցնցող ու «չհատնող» երկրաշարժը
Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը Թուրքիոյ մէջ Քահրամանմարաշ շրջանը ցնցած աղէտալի երկրաշարժին զոհերուն թիւը հատած է 40 000-ը։ Կարգ մը աղբիւրներ նկատել տուած են, որ այս պահուն եթե հաշուի առնուին այն քաղաքացիներուն թիւերը, որոնք մնացած են փլատակուած շէնքերուն տակ, ապա երկրաշարժի թիւերը կրնան հասնիլ մինչեւ 100 հազարը։
Մեծ ողբերգութիւն մըն էր եղածը (Թուրքիոյ համար շատ հաւանաբար Քահրամանամարաշի ողբերգութիւնը վերակոչուի՝ «Ազգային ողբերգութիւն»), որուն հետեւանքները ցարդ անհաշուելի են ու հետեւանքները «անմաքրելի» նոյնիսկ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։
Ամէն պարագայի բոլորին համար յստակ էր, որ բնութեան այս աղէտը արագօրէն պիտի վերածուի քաղաքական «լարուած» ձիւնագնդակի։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը բոլորուած CHP (Ժողովրդահանրապետական) կուսակցութեան շուրջ եւ դէպքէն ընդամէնը 48 ժամ անց սկսաւ կրակ բանալ իշխանութիւններուն եւ ի մասնաւորի Էրտողանի ուղղութեամբ։
Ի պաշտպանութիւն իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան, խօսնակ Օմար Չելիք յայտարարեց, որ իշխանութիւնները, դաշնակից ունենալով «Գորշ Գայլականներ»ու «Ազգային շարժում կուսակցութիւնը», ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն վերահսկողութեան տակ պահելու իրավիճակը ու նախնական օգնութիւն հասցնելու աղիտեալ ժողովուրդին։
Այս առումով իր «Դատաստանի օրն է» վերնագրուած յօդուածին մէջ լրագրող Մուհամմատ Կիւն կը գրէ «(Մենք) կանգնած ենք մեր պատմութեան ամենամեծ աղէտներէն մէկուն առջեւ: 1999-ի երկրաշարժէն յետոյ մենք սահմանած ենք հարկեր՝ շէնքերն աւելի սեյսմակայուն դարձնելու, նախորդներն ամրացնելու, վտանգի տակ գտնուող շէնքերը քանդելու համար։ Բայց մենք ոչինչ ըրինք։ Մենք չենք գիտեր, թէ ուր գացած են գումարները, եւ կառուցուած են ոչ պատշաճ շէնքեր երկրաշարժերու խզուածքին վրայ, առանց հսկողութեան եւ թոյլ ճանապարհներու։ Հիմա ի՞նչ կ’ըսեն զոհուածներու ընտանիքները: Երկրաշարժին զոհ գացին նոյն իսկ հարկատուները։ Բոլորը կը զարմանան, թէ ո՞ւր է պետութիւնը, ո՞ւր են կառավարողները»: Կիւն կը կարծէ, որ «այժմ ժամանակն է հաւաքելու իրավիճակը եւ փրկելու զոհերը, եւ միեւնույն ժամանակ մենք պէտք չէ մոռնանք այդ եւ սկսինք պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները»։
Այսօր, յետերկրաշարժեայ իրավիճակը դիտարկելով, կարելի է ըսել, որ երեք հիմնական օրակարգեր տիրական են Թուրքիոյ մէջ։
ա. Մեծագոյն խնդիրը, որ Թուրքիան պիտի առերեսուի, ապօրինի կերպով բարձրացուած շէնքերու հարցն է։ Այդ առումով ալ առանցքային են շինանիւթերու չարաշահման եւ ապօրինի կերպով տրուած արտօնագրերու օգտագործման հիմնահարցերը։
բ. Կառուցապատողներու հարցը բաւական ցաւոտ թուացող հարց է, մանաւանդ իշխանութիւններուն համար։ Եւ այն կրնայ պումրէնկի (բումերանգի.- խմբ.) ազդեցութիւն ունենալ, մանաւանդ, որ երկարշարժի էբիկեդրոն համարուող Քահրամանմարաշի ու նաեւ Ատանայի մէջ շէնքեր եւ նոյնիսկ ամբողջական թաղամասեր կառուցապատելու ասպարէզը վստահուած էր իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մաս կազմող ճարտարապետներու եւ գործարարներու, որոնցմէ շատեր արդէն զոհուած են ու անոնք, որոնք ողջ մնացած են կամ այդ շրջաններէն խոյս տուած կամ ալ ձերբակալուած։
գ. Թուրքիոյ համար մեծագոյն խնդիր պիտի շարունակէ մնալ աղէտահար շրջաններու բնակիչներուն ապաստարան տալու հիմնահարցը ու այս առումով ալ երեւելի են արդէն մեծ տեղաշարժեր։ Օրինակ, Քահրամանմարաշի եւ Ատանայի շրջաններէն դէպի այլ շրջանններ տարուած են աւելի քան 400 հազար քաղաքացիներ, որոնց համար ալ պատրաստուած են կամ պիտի պատրաստուին վրանաքաղաքներ։ Պատկերը, որ կար Սուրիոյ շուրջ (Յորդանան- Լիբանան եւ Թուրքիա) այսօր կը կրկնուի Թուրքիոյ մէջ եւ ունի բաւարար հիմքեր ենթադրել տալու, որ մարդագրական առումով ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի բախին մեծագոյն խնդիրներու։
դ. Վերջին հարցը օտարահպատակներու հարցն է, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը անցնող օրերուն զբաղած էր աղէտեալ շրջանները թալանելու գործով։ Դէպքեր, որոնք ստեղծեցին մեծ լարում ու այս կտրուածքով ալ չի բացառուիր, որ ներքին բախումներու եւ բողոքի առիթ տուած այդ բնակիչները (անոնց թիւը կը գնահատուի 2 միլիոնով եւ կ’ըսուի նաեւ, որ այդտեղ մեծ է թիւը աֆղանցիներուն) կրնան պատճառ դառնալ աւելի մեծ հրահրումներու եւ նոյնիսկ ներքին անկառավարելի բախումներու։
Երկրաշարժէն անդին.. Ընտրութիւնները՝ մեծ հարցական
«Ամէն օրէնք ինքն է արդէն (նկատի ունի Էրտողանը.- Ս. Արեան), ինքը իր ուզածին պէս օրէնք կը հանէ, օրէնք կը կարէ եւ օրէնք կը պարտադրէ»,- այս խօսքերը կը պատկանին պոլսահայ բարեկամ Գ.Կ.-ին, որ կը մերժէ այս «նուրբ» համարուած թեմայով հրապարակային արտայայտութիւններ ունենալ։
Աւելի քան ճշմարիտ է, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ հիմնական խնդիրը կամ հարցերուն հարցը նախագահական ընտրութիւն կայացնել-չկայացնելու հարցն է։ Հարկ է, անշուշտ, յիշեցնել, որ ընտրութիւնները օրէնքով նախատեսուած էին յառաջիկայ յունիսին եւ յատուկ կարգադրութեամբ մը առաջ բերուեցան եւ պիտի կայացուէին մայիս ամսուան ընթացքին։ Այդպիսով, Էրտողան «փրկուած» պիտի ըլլար սահմանադրական արգելքէն, ըստ որուն օրէնքի տառով մերժելի է, որ երկու անգամ նախագահական պայքարի մասնակցած եւ նախագահ ընտրուած որեւէ գործիչ իրաւունք ունենայ մասնակցելու երրորդ նստաշրջանի մը համար նախատեսուած պայքարին։
Այս բոլորին հետ մեկտեղ կայ տպաւորութիւն, որ Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը (այս պահու պատկերով) պիտի չուզէ այս վիճակին մէջ իշխանութեան գլուխ հասնիլ։ Երկիրը յայտնուած է բարդ դրութեան մը մէջ ու ասոր կողքին կան մի քանի շերտանի մարտահրաւէրներ, որոնք յատկապէս ունին ներքին կտրուածքներ։ Որեւէ իշխանութեան համար այդ բարդութիւններու առաջքը առնելը, կամ երկիրը դարձեալ իր նախկին տեսքին բերելը գրեթէ անհնար է։
Էրտողանի համար աւելի բարդ վիճակ կրնայ ստեղծուիլ, երբ հաշուի առնենք Արեւմուտքի եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներու այսօրուան գաղջ վերաբերմունքը, ու հոս է նաեւ, որ առաւելաբար կը ծագի մեծ հարց։ Պիտի փոխուի՞ Էրտողանի վարքագիծը, պիտի փոխուի՞ն անոր ընկալումները եւ ի վերջոյ վերատեսութեան պիտի ենթարկուի՞ն անոր արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտներն ու գործողութիւնները։
Եթէ Էրտողան չզիջի իր դիրքերէն, ապա վերջնականապէս պիտի կորսնցնէ Արեւմուտքի նեցուկը, որուն համար ալ կրնայ քաոթիք վիճակի առաջնորդել Թուրքիան ու ինք իր ձեռքով վերջնականապէս «թաղել» հարիւր տարի անց Մուսթաֆա Քեմալը փոխարինելու միտուած իր հին-նոր երազանքը։
Գալիք իրավիճակին մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է թուրք գրող Թալէաթ Աթիլա, որ մասնաւորապէս գրած է՝ «Մեծ ճգնաժամ կայ գալիք ընտրութիւններուն հետ կապուած։ Մօտ տասը օր անց ընդդիմութիւնը պէտք է յայտարարէր ընտրութիւններուն համար իր թեկնածուն՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։ Բայց սա իսկապէս տեղի կ’ունենա՞յ հիմա՝ երկրաշարժէն յետոյ։ Եթէ յայտարարուի, ուրեմն խնդիր է, իսկ եթէ չյայտարարուի, ուրեմն մեկնաբանութիւններ կ’առաջանան։ Երկրաշարժէն յետոյ խաղաքարտերը կը խառնուին, եւ ընտրութիւններու օրն ու ընտրութիւնները կը վերանայուին։ Բոլոր հարցումները պիտի դրուին ոչ թէ աղբամանին մէջ, այլ անոր կողքին, եւ ամբողջ գործընթացը պիտի զէրոյացուի։ Իմ կարծիքով՝ հորիզոնին վրայ մեծ ճգնաժամ մը կ’երեւի»։
Սագօ ԱՐԵԱՆ
Լրագրող
Երևան